Yerp Ayn Khatcheen Yes Guh Nayeem / When I Survey the Wondrous Cross / Երբ Այն Խաչին Ես Կը Նայիմ

Words: Isaac Watts Music: Lowell H. Mason | Chorus: Chris Tomlin, J.D. Walt, Jesse Reeves | Armenian Translation Chorus: Sevan Balabanian

Երբ այն խաչին ես կը նայիմ, ուր որ մեռաւ փառաց Տէրն իմ,
Իմ մեծ շահերս վնաս կը սեպեմ, հպարտութիւնս ալ կ'անարգեմ:


Չպարծենամ ուրիշ բանով, բայց թէ միայն Փրկչիս մահով,
Բոլոր փափաքս մեծ կամ չնչին, ես կը զոհեմ Իր արիւնին:


Այդ խաչին ես նայիմ, ուր Յիսուս Տէրն իմ
խաչուեցաւ, մեռաւ, տուաւ մեղքէ ազատութիւն:
Իր փրկութեան վստահիմ, եւ շնորհքին միշտ յենիմ,
Իրեն հետ խաչուելու եւ ապրելու յաւիտեան:


Փառքն արքային ինծի տրուէր, ան շատ պզտիկ պարգեւ մըն էր.
Ասանկ Տէրոջ անհուն սիրոյն արժան է տալ իմ կեանքս ողջոյն:


Այդ խաչին ես նայիմ, ուր Յիսուս Տէրն իմ
խաչուեցաւ, մեռաւ, տուաւ մեղքէ ազատութիւն:
Իր փրկութեան վստահիմ, եւ շնորհքին միշտ յենիմ,
Իրեն հետ խաչուելու եւ ապրելու յաւիտեան: