Heesoos Miayn / Only Jesus / Յիսուս Միայն

Words and Music: Rev. Paul Doctorian

Յիսուս միայն ամէն բան է,
Ալֆան եւ Օմէղան Ան է,
Առաջինը ու վերջինը իմ կեանքիս մէջ:
Փոթորիկները երբ կ'ուգան
Զիս ընելու տարնատաղան,
Զօրաւոր բազուկներուն մէջ կ'ընդգրկէ զիս:


Ուստի կ'երգեմ ես ամէն օր,
Իր անունին հաւատալով:
Երբ բոլոր մեղքերէս ներեց
Ամէն բանէն զիս ազատեց:
Ինքն է միայն նիւթը խօսքիս,
Անուշութիւնը իմ կեանքիս,
Յիսուս միայն ինծի համար ամէն բան է:


Այս կեանքի մէջ շատեր կ'ուգան,
Առանց հաւատքի կը մնան,
Յաւիտենական պատիժին կ'արժանանան:
Յիսուս ասոր համար եկաւ,
Խաչափայտին վրայ մեռաւ,
Որ ամէն ով որ հաւատայ փրկուի:


Ուստի անոր դուն վստահէ՛
Մեղքերդ բոլոր խոստովանէ՛
Յոյսդ միայն Յիսուս ըրէ՛
Նեղ ճամբայէն մտի՛ր քալէ՛:
Ինքն է միայն նիւթը խօսքիս,
Անուշութիւնը իմ կեանքիս,
Յիսուս միայն ինծի համար ամէն բան է: